«Մի կասկածիք Ղարաբաղի նկատմամբ յանձնառութեանս». Ֆրանսայի նախագահ

Asbarez

«Մի՛ կասկածիք Արցախի եւ ընդհանրապէս Հայաստանի նկատմամբ յանձնառութեանս», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, երբ Չորեքշաբթի օր հանդիպում մը ունեցաւ Մարսէյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

«Պիտի շարունակեմ ջանքերս, նոյնիսկ եթէ այս օրակարգով գրեթէ միակն եմ միջազգային ընտանիքին մէջ: Գիտէք նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսա զինուորական իր կցորդը ուղարկեց Հայաստանի իր դեսպանութեան կողքին, եւ ասիկա պէտք է որոշ բան նշանակէ, չէ՞: Մենք պիտի ընենք մեր կարելին, առաւելագոյնը», շեշտեց ան:

Մաքրոն այս հաստատումները կատարեց՝ պատասխանելով հաւաքին ներկայ Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Սապրինա Ակրեսթի-Ռուպաշի այն դիմումին, թէ Արցախի շրջափակման եւ Ատրպէյճանի շարունակուող բռնարարքներուն լոյսին տակ «ձեզմէ կ՛ակնկալենք առաւել ազդու նախաձեռնութիւն, գործնակա՛ն եւ ոչ միայն բարոյական»:

«Արցախի հարցով ես միակն եմ, որ յստակ կեցուածք եւ պատգամ ունիմ։ Ալիեւին վրայ աւելի ճնշում բանեցուցած եմ եւ կը բանեցնեմ», շեշտեց Մաքրոն:

Իր կարգին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան արձագանգեց՝ ըսելով. «Պարո՛ն նախագահ, մենք իբրեւ Ֆրանսայի քաղաքացիներ, ձեզի կը դիմենք՝ իբրեւ մեր նախագահը, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբի համանախագահ եւ կ՛ակնկալենք, որ ցուցաբերէք Արցախի մեր հայրենակիցներուն գործնական զօրակցութիւն: Գիտենք, որ մեր ընկերը՝ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու Համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան զանազան առիթներով ձեզի հետ արծարծած է Արցախի տագնապալի եւ յոյժ մտահոգիչ կացութիւնը. մենք մեր կարգին կը դիմենք ձեզի նոյն պահանջով ու նոյն հարթութեամբ: Պէտք է յստակ ըլլայ նաեւ, որ մեզի համար անընդունելի է հայապատկան դարաւոր Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու որեւէ խօսակցութիւն կամ մտադրութիւն»:

Ատրպէյճանական լրատու գործակալութիւններ կը հաղորդեն, որ Մաքրոնի կատարած յայտարարութեան Հինգշաբթի օր հակադարձեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ շեշտելով, որ Մաքրոնի «հակաատրպէյճանական հերթական կարծիքը, ուր ան միակողմանի կերպով կը պաշտպանէ Հայաստանը եւ չ՛արտացոլացներ ճշմարտութիւնը, անընդունելի է»։

«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու յայտարարութիւնները Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնի երեւակայութեան արգասիքն են: Ատրպէյճանի նախագահին վրայ ճնշում գործադրելու փորձերը երբեք արդիւնք չեն տուած: Նախագահ Մաքրոնի յայտարարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տան, որ ան գործիք է Ֆրանսայի հայկական լոպիին ձեռքը… Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ճանաչման եւ Ղարաբաղի տարածաշրջանը իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժան մաս ճանչնալու լոյսին տակ նախագահ Մաքրոնի նման կողմնակալ յայտարարութիւնները ոչ միայն կը խոչընդոտեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ հանգստութեան հաստատման, այլ նաեւ թափ կու տան անջատողականութիւնը ու ահաբեկչութիւնը խրախուսողներու եւ աջակցողներու ապակառուցողական գործունէութեան հետագայ ընդլայնման», ըստ «Թերթ»ի, կը նշուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Կարող եք կիսվել սոց․ ցանցերում